Հունգարիայ <> Երիտասարդական Փառատօնին 12 Հազար Երիտասարդներ Կը Մասնակցին
Ուրաբթ 31 օգոստոսին Հունգարիոյ Պուտաբեշտ քաղաքի մէջ սկիզբ առաւ <<Ճէնֆեսդ>> ֆոգոլարիներու
շարժումի երիտասարդական տօնակատարութեան 10րդ հանգրուանը որուն կը մասնակցին աշխարհի
զանազան վայրերէն ժամանած աւելի քան 12 հազար երիտասարդներ որ եղբայրութեան գաղափարականը
կը կիսեն ։
Երեք օր տեւող այս փառատօնի ընթացքին մասնակիցները առիթը պիտի ունենան
փոխանակելու փորձառութիւններ զանազան ասպարէզներու մէջ, ըլլան անոնք տնտեսական, հասարակական,
գեղարուեստի եւ կամ միջմշակութային։
Փառատօնի նպատակն է ուրիշներու հետ կամուրջներ
կառուցել գերազանցելու համար բաժանմունքներ ստեղծող պատնէշները. Երիտասարդները պիտի շօշափեն
այժմէականութեան նիւթեր ինչպէս` միութիւն, եղբայրութիւն, պատերազմներու եւ բնական աղէտներու
հետեւանքով մարդասիրական օժանդակութիւն, եւայլն։
<> անուան երիտասարդական
փառատօնը, որ ինչպէս նշեցինք կազմակերպուած է Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտաբեշտի մէջ,
սկիզբ կ՛առնէ 31 օգոստոսին եւ վերջ կը գտնէ 2 սեպտեմբերին։
Փառատօնի ընթացքին
պիտի ներկայացուի նաեւ ֆոգոլարիներու շարժումի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած <> ծրագիրը, որուն նպատակն է <եղբայրութեան>> գաղափարականը յառաջացնել ըլլայ
անհատական ըլլայ հաւաքական եւ ըլլայ ազգային գետնի վրայ։